Language:

  • Հայերեն
  • Русский
  • English

ԾԱՌԱՅԷ ԲԱՆԱԿԻՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԲԱՆԱԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ



Չկայ աւելի գեղեցիկ զգացում, քան ծառայել բանակին եւ բանակին ծառայելու ընդմէջէն մասնակից դառնալ հայրենի սուրբ հողի եւ սահմաններու պաշտպանութեան եւ ամրապնդման։ Սա գերագոյն ուրախութիւն եւ զգացողութիւն է, մանաւանդ մեզ` հայերուս համար բանակի ծառայելը կրկնակի պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն է. չէ որ Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով գրեթէ ոչ բարեկամ (այլ որակում չտալու համար) երկիրներով շրջապատուած է։ Եթէ մենք տէր չըլլանք մեր երկրին, ապա օտարը երբէք այդ ընելու տաղտղուկը յանձն պիտի չառնէ։ Հաւանական պատերազմի ընթացքին մեր բանակի մարտունակութեամբ, զգօնութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ է, որ նախ յարգանք պարտադրես թշնամուն, ապա նաեւ քու դաշնակիցին, որպէսզի ի հարկին քեզ օգտակար ըլլայ։

Բանակին ծառայելու գաղափարը պէտք է մշակոյթի վերածել եւ հասնիլ հոն, որ ոչ մէկ հայ երիտասարդ պատճառաբանութիւն չփնտռէ բանակին ծառայելէ խուսաբելու համար։

Ծառայէ բանակին, որպէսզի ապագային հպարտ նայիս քու զաւակներուդ եւ բոլորի աչքերուն. եւ ամէնակարեւորը, Հայաստանի եւ հայութեան լաւ բան ըրած ըլլալու գոհունակութիւնը ունենաս։ Եթէ դասալիք մը եղած ես, ապա ուրեմն դաւաճանած ես հայրենիքիդ։ Հայրենիքը միթէ միայն պարելով եւ երգելո՞վ է, որ կը յարատեւէ. ո՛չ, ան կը յարատեւէ շնորհիւ իր նուիրուած զաւակներուն եւ մարտունակ բանակին եւ անոր ձեռք բեռած յաջողութիւններուն շնորհիւ. Արցախը լաւագոյն փաստն է վերը յիշածիս։ Ունիս մարտունակ բանակ, կը նշանակէ ունիս ապահով, բարգաւաճ եւ յարգանք պարտադրող հայրենիք։

Այս առիթով, կոչ կ՛ընեմ ընդհանրապէս հայ երիտասրդութեան ու յատկապէս սփիւռքահայ երիտասարդութեան, որ անյապաղ դիմեն համապատասխան մարմիններուն, ստանալու համար արդէն իսկ իրենց իրաւունքը եղող Հայաստանի քաղաքացիութիւնը. թող չառարկեն, թէ բանակ ծառայելու հարց կայ եւ հետեւաբար քանի մը տարի ետք կը դիմեն. ո՛չ, դիմեցէք հիմա եւ ծառայեցէք հայկական բանակին եւ անկասկած այդ ըլլալու է ձեր կեանքի ամէնաերջանիկ օրերը։

Բանակը երկրի մը ապահովութեան հիմնական կռուանն է, մանաւանդ մերը` հայկականը։ Ուրեմն ծառայենք բանակին, որպէսզի ծառայած ու նպաստած ըլլանք Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան ու պահպանման սուրբ եւ սրբազան գործին։

Կեցցէ Հայկական բանակը. Կեցցէ Հայաստանը։

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ,

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէի քարտուղար.
(յատուկ «ՀԱՅ ԶԻՆՎՈՐ»-ին) Պէյրութ Լիբանան
11 նոյեմբեր 2013

Խորագիր՝ #46 (1013) 21.11.2013 – 27.11.2013, Բանակ և հասարակություն, Ուշադրության կենտրոնում


21/11/2013