Language:

  • Հայերեն
  • Русский
  • English

ՓԱ՛ՌՔ ՁԵԶ, ՀԱ՛Յ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ, ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ՁԵԶՄՈՎ



ՓԱ՛ՌՔ ՁԵԶ, ՀԱ՛Յ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ, ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ ՁԵԶՄՈՎ…Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար նաեւ գացած էի համապատասխան զօրանոց, ինչ-որ անհրաժեշտ թուղթեր ներկայացնելու եւ արձանագրութիւն պահելու։ Ներկայացաւ սպան եւ սկսաւ հարց տալ՝ անուն, ազգանուն, բնակութեան վայր, հեռախօսահամար եւ այլն եւ այլն. աւարտին ըսաւ, թէ իմ տուածս տեղեկութիւնները ճշգրիտ պէտք էր ըլլային (այդպիսին էին բնականաբար), որպէսզի ի հարկին զիս կանչէին բանակ, աւելցնելով, թէ զիս արդէն իսկ պահեստի զինուոր արձանագրած է. սպային խօսքի աւարտին ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ իմ դէմքին. ուրախ էի եւ հպարտ: Ի՞նչ մեղքս պահեմ, այդ րոպէին կը մտածէի, թէ ահա, պատերազմը ուր որ է կը սկսի, եւ ես առիթ կ՚ունենամ ծառայելու բանակին։

Մինչ այդ, ես հայ էի, այո՛, բայց այդ օր աւելի հայացայ. զգացի, թէ յաւելեալ պարտաւորութեան տակ էի, եւ ուրախ էի այդ պարտաւորութիւնը ունենալու ու շալկելու: Զգացի, թէ որքա՜ն ծանր եւ պատասխանատու բեռ շալկած են հայ զինուորներն ու սպաները. թէ որքա՜ն գործ ու աշխատանք կը կատարեն մեր աննման զինուորները Հայաստանի սահմաններու ամբողջ երկայնքով։ Սա ես տեսայ իմ աչքերով ու ապրեցայ, երբ ապրիլեան պատերազմին, լիբանանցի լրագրողներու  հետ այցելեցինք Արցախի առաջնագիծերէն մին. տեսայ զինուորներուն ուրախ դէմքերը, բոլորին մարտունակութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, լիբանանցի լրագրողներուն զարմանք պատճառող իրենց պահուածքով եւ անվախութեամբ։

«Ապրիլ»-ը հայոց բանակին նոր զարթօնքն էր. հայ զինուորը սթափեցուց ամբողջ ազգ մը, ողջ հայութիւնը. ամէն հայ պատրաստ էր կանգնելու զինուորի կողքին ու ուս ուսի տուած պաշտպանել մեր արդէն իսկ արիւնով որոգուած սուրբ հողը՝ Հայրենիքը, որ պիտի տար նոր հերոսներ։

«Ապրիլ»-ը ապացուցեց, թէ հային կռիւը յարատեւ է։ Փա՛ռք ձեզ, հա՛յ զինուորներ, հպարտ ենք ձեզմով: Եվ ինչպէ՞ս չհպարտանալ ձեր քաջութեամբ ու սխրանքներուն ի տես։

♦♦♦

Բնական է, այս օրերուն յիշել մայիսի 28-ն (28 մայիս 1918), մանաւանդ, որ մայիսի 28-ի 100-ամեակի սեմին ենք։ Կը յիշենք մայիսի 28 կերտողները՝ Արամ Մանուկեանը, Անդրանիկը, զօրավար Քրիստափոր Արարատեանը, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը, ապարապետ Նժդեհը, զինուորներն ու անյայտ հերոսները, որոնց ոգեղէն աւանդը փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, հասնելով ձեզ, սիրելի՛ զինուորներ ու սպաներ, աւանդներ, որոնց արժանաւոր ժառանգորդներն էք դուք անվերապահօրէն։

Փառք ու պատիւ ձեզ, յանուն հայրենիքի զոհված զինուորներ. դուք իյնկաք, որ հայն ու Հայաստանը ապրին յաւետ։

 

Կեցցէ՛ 28 մայիս 1918-ը,

Կեցցէ՛ 2 սեպտեմբեր 1991-ը,

Կեցցէ՛ 21 սեպտեմբեր 1991-ը,

Կեցցէ՛ հայկական բանակը,

Կեցցէ՛ Հայաստանը:

 

ԿԻՐՕ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Պէյրութ

Խորագիր՝ #20 (1242) 23.05.2018 - 29.05.2018, Բանակ և հասարակություն, Ուշադրության կենտրոնում


25/05/2018