Հայերեն | На русском | In English

Մենյու
Խորագրեր
ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆ
ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆ

 

Խմբագրությունը հայ զինվորին ուղղված նամակներ ստանում է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփյուռքի տարբեր կրթօջախներից։ Այս համարում տպագրում ենք հալեպահայ աշակերտների նամակները:

 

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆԲարե՛ւ, իմ սիրելի հայ զինուոր

Այս նամակով ես կ՚ուզեմ քեզի շնորհակալութիւն յայտնել, որովհետեւ դուն մեր բոլորին պաշտպանն ես:

Երբ ես կը քնանամ, վստահ եմ, որ դուն միշտ արթուն կանգնած հայրենիքի սահմանը կը պաշտպանես: Այնքան հպարտ եմ, որ քեզի պես հայ զինուոր մը ունիմ: Կ՚աղօթեմ քեզի, որ Աստուած միշտ հետդ ըլլայ, որպէսզի հայրենիքիդ հանդէպ պարտականութիւնդ կատարես:

Կը ցանկամ, որ Հայաստանը միշտ ազատ մնայ եւ այլեւս ոչ մէկ հայու արիւն չթափի:

Ո՛վ քաջարի հայ զինուոր, քեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, քաջութիւն եւ յաջողութիւն ամբողջ կեանքիդ ընթացքին:

Տալիթա Աշըգեան

Հայ Աւետարանական Բեթէլ

Երկրորդական Վարժարան, Հալէպ

Զ կարգ

 

♦♦♦

 

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆՀայ զինուորը հայրենիքի խաղաղութեան եւ պաշտպանութեան հաւատարիմ այն անձն է, որ իր զրահով կը պայքարի թշնամիին դէմ։

Սիրելի՛ հայ զինուոր, կը մաղթեմ քեզ առողջ եւ խաղաղ ծառայութիւն։

Հպարտ ենք Ձեզմով, քաջարի հայ մարտիկներ։

Հայկան Ոսկեան

Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ. Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական

վարժարանի 5-րդ դասարանի

աշակերտուհի

 

♦♦♦

 

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆՍարդարապատի ճակատամարտը մեր պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկն է: Հայերս երկարատեւ ստրկութենէ եւ պատերազմներէ ետք ունեցանք անկախ պետութիւն:

Այսպիսով, այսօր հայութիւնը կը տօնէ իր անկախութեան հարիւր ամեակը:

Այս յաղթանակով եւ անկախութեամբ հայը դարձեալ ցոյց տուաւ իր գոյատեւումը աշխարհի մէջ:

Սարդարապատը եղաւ մեր արդի Աւարայրի Ճակատամարտը՝ յանուն գաղափարի եւ ազատութեան:

Համայն հայութիւնը պէտք է երախտապարտ եւ արժանի յաջորդները ըլլան՝ արեան գնով հայրենիքը պաշտպանող ու զոհուող բոլոր նահատակ- ներուն:

Փա՛ռք մեր հերոսներուն եւ կեցցէ՛ հայու միասնակամութիւնը:

Աննա Մարիա Խոշաֆեան

Կիլիկեան Ճեմարան

Զ կարգ

Հալէպ 13/6/2018

 

♦♦♦

 

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆՍիրելի՛ Հայ զինուորներ,

Դուք ոչ միայն Հայաստանի սահմանները կը պահպանէք, այլեւ դարաւոր մեր պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնն ու ինքնութիւնը։

Հեռատեսիլէն յաճախ կը հետեւինք ձեր առօրեային եւ միշտ հպարտանալով կը դիտենք Հայոց բանակին տարած յաղթանակներու լուրը։

Ձեր պողպատեայ կամքը մեզի յոյս ու կորով կը ներշնչէ։

Վստահ եմ՝ Արարատը հետուէն Ձեզ կը հսկէ, իսկ մենք` Մխիթարեան վարժարանի աշակերտներս, ուսուցչական կազմն ու Վարդապետը, առաւօտեան աղօթքին մէջ ամէն օր ձեզի համար կ՚աղօթենք։

Որքա՜ն պիտի փափագէի իւրաքանչիւրիդ ձեռքը սեղմելով ըսել.

«”Դուք մեր երկրի սրտի տրոփն էք , իւրաքանչիւր հայու պարծանքն ու արժանապատւութիւնը։

Մենք Ձեզի շա՜տ կը սիրենք»։

Սէրլի Թովմասեան

Մխիթարեան վարժարան

Զ կարգ

Հալէպ

 

♦♦♦

 

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՎՈՐԻՆՀայրենիքի պաշտպան, հզօր ու անպարտ, անվախ ու խիզախ հայ զինուոր, մեր պապերու հայրենի հողը պաշտպանող:

Քու երակներէդ կը հոսի ազատատենչ Հայկի ու անոր ժառանգորդներուն արիւնը: Ինչպէս ամէն մարդ, ես ալ ունիմ իմ երազանքներուս հերոսը. այդ հերոսը՝ քաջ ու արի հայ զինուորն է:

Դուն հետեւորդն ես զօրավար Անդրանիկի, քաջ Նժդեհի, Դրօյի եւ Մոնթէի:

Այո՛, որքան ալ ապրիմ հայրենիքէս հեռու, բայց հայրենիքը իմ արեանս մէջ է, ծովից ծով Հայաստանն է, Արցախն է:

Այո՛, ես հեռու եմ իմ սուրբ հայրենիքէս, կը մեծնամ սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուն սորվելով, Մեսրոպաշունչ տառեր գրելով եւ Նարեկացի աղօթելով, մեր պատմական արժէքները, մեր Սիսն ու Մասիսը, մեր գողցուած Վանը, Կարսն ու Սասունը պահպանելով, Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակը ՅԻՇԵԼՈՎ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ:

Այո՛, ես հեռու եմ քեզմէ, իմ փառաւոր հայ զինուոր, բայց քու կողքիդ եմ աղօթքներով: Աստուած միշտ քեզ պահապան, ըլլաս հպարտ ու քաջարի, միշտ պաշտպան հայրենի սուրբ հողին եւ բարձր պահես հայկական դրօշը եռագոյնի:

Սերժ Սարգիս

Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան

Երկրդական վարժարան

Դ կարգ

Հալէպ, Սուրիա